2009-08-28 14:28:24

էջ մը հայ երաժշտութենէն` երգիչ Արամ Տիգրան


Արամ Տիգրան իր մահկանացուն կնքեց 8 Օգոստոսին Յունաստանի մէջ, իր փափաքը որ է թաղուիլ Տիգրանակերտի մէջ չիրականացաւ։



Յունաստանի մէջ, 8 օգոստոսին, իր մահկանացուն կնքած է ծագումով հայ երգիչ Արամ Տիգրան։ Իր մահէն առաջ հայացգի երգիչը փափաք յայտնած է, որ զինք հողին յանձնեն Տիգրանակերտի մէջ, սակայն թրքական կառավարութիւնը մերժած է՝ պատճառաբանելով, որ ան Թուրքիոյ քաղաքացի չէ։

Արամ Տիգրան ծնած է 1934-ին, Թուրքիոյ Պաթման քաղաքի Պիանտա գիւղը։ Շատ փոքր հասակին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Ան 9 տարեկանէն սկսած է ուտ նուագել եւ երգել թէ հայերէն եւ թէ քրտերէն երգեր։ Գրած է աւելի քան 100 երգ քրտերէնով եւ նոյնքան ալ՝ հայերէնով։ Երգիչի երգացանկին մէջ կայ նաեւ 435 երգ՝ տարբեր լեզուներով (արաբերէն, յունարէն, եւ զազայերէն )։

Հետաքրքրական ստեղծագործական կեանք ունեցած է հայազգի երգիչը՝ Արամ Տիգրան, ան իր կեանքին մեծ մասը Յունաստան անցուցած է եղած է սիրուած երգիչ թէ՛ հայկական, թէ՛ թրքական, թէ՛ քրտական եւ թէ՛ արաբական ժողովրդական շրջանակներու մէջ, որովհետեւ իր երգերը եղած են մարդոց պարզ յոյզերու, ապրումներու եւ պայքարին մասին։

Իը բոլոր ելոյթները եւ երգահանդէսները սկսած են Վեր կաց գերեզմանէն, Անդրանի՛կ փաշա եւ աւարտած՝ Աղբիւր Սերոբին նուիրուած Էս ինչ աղուոր տուման է երգերով։

Արամ Տիգրան մշտապէս յայտարարած է, որ քիւրտերու իրաւունքներու իրականացումը պէտք չէ ըլլայ հայ ազգի իրաւունքներու հաշուոյն Արարատը հայերունն է, ըսած է ան միշտ։

Թուրք իշխանութիւններուն մերժումը՝ իր դիակը Տիգրանակերտի մէջ ամփոփելու երգիչին ցանկութեան, յարուցած է հայ, քիւրտ եւ նոյնիսկ թուրք երաժշտասէրներու բողոքն ու ցասումը։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.